2012-10-08 14:37:27

Պենետիկտոս ԺԶ Կը Զգուշացնէ Քրիստոնեաները <<Գաղջութենէն>>։


Նոր Աւետարանութեան մասին Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Աշխատանքներու բացումը կատարելով, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ՙաւետարանութեան՚ մասին իր ներակայացուցած աստուածաբանական խորհրդածութեան ընթացքին զգուշացուց քրիստոնեաներու ՙգաղջութեան՚ հետեւանքներէն։ Քրիստոնեան գաղջ չի կրնար ըլլալ ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով յայտնութեան գիրգին <<որ մեզի կը յայտնէ թէ գաղջութիւնը քրիստոնեային ամէնէ մեծ վտանքն է>> ու աւելցնելով թէ միայն սիրոյ ճրագը վառելով է որ կը յառաջանայ աւետարանացումը եւ աւետարանի ներկայութիւնը, որ միայն խօսք մը չէ այլ ապրուած իրականութիւն։ Աւետարանողներ ենք եթէ մեր սրտերուն մէջ գիտակցութիւնը ունինք թէ Աստուած է որ կը գործէ եկեղեցւոյ մէջ եւ եթէ Քրիստոսը աշխարհի ճանչցնելու կորովը ունինք։
Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութեան ընթացքին ընգծեց նաեւ աղօթքի ու հաւատքի կարեւորութիւնը։ Հաւատքը պէտք է դառնայ սիրոյ ճրագ մը - ըսաւ Ան - ճրագ մը որ աբողջութեամբ իմ իքնութիւնս կը բռնկէ եւ կը վարակէ մերձաւորս։ Ահա այս է աւետարանութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.